Յաճախ տրուող հարցումներ
Armagora-ն առցանց քննարկումներու հարթակ է՝ ստեղծուած ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ զարգացման հիմնադրամի կողմէ, որ նպատակ ունի քննարկումներու եւ հարցումներու միջոցով փնտռել ու վեր հանել Հայաստանի եւ Սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիները, աջակցիլ հանրային առողջ խօսոյթի ձեւաւորման եւ խթանել Հայաստանի ու Սփիւռքի հանրային քննարկումներու մշակոյթի զարգացումը։
Անուանումը ծագած է Հին Յունաստանի յայտնի ἀγορά ժողովրդական ժողովէն, որ կը ծառայէր իբր քաղաքացիներու քննարկումներու հաւաքատեղի:
Armagora-ին մէջ կը քննարկուին պատմական այս դժուար հանգրուանին աշխարհասփիւռ հայութեան յուզող ամենաարդիական հարցերը, ինչպիսիք են՝ անվտանգային ճգնաժամը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները, կառավարման խնդիրները, տեսլականի անհրաժեշտութիւնը, պետականութեան պահպանումն ու ամրապնդումը:
Armagora-ին կրնան միանալ բոլորը։ Այդ պատճառով անհրաժեշտ է արձանագրուիլ:
Մենք կը հաւատանք, որ այսօրուան բեւեռացած իրականութեան մէջ անկարելի է յանգիլ լուծումներու, քանի դեռ չկայ հասարակական լայն երկխօսութիւն, առողջ բանավէճ, յարգանք եւ հանդուրժողականութիւն այլ կարծիքի գոյութեան իրաւունքի նկատմամբ: Արդիւնաւէտ համագործակցութեան եւ քայլերու ձեռնարկման կարեւոր նախապայման է փոխըմբռնման ձեւաւորումը: Ահա այս գրաւականն է, որ կրնայ երաշխաւորել որեւէ գործակցութեան արդիւնաւէտութիւնն ու յաջողութիւնը։
Armagora-ի մէջ քննարկումները հիմնուած են հանրային կարծիքի ուսումնասիրութեան եւ փորձագիտական անկողմնակալ վերլուծութիւններու վրայ: Կը տրուին բլից հարցեր, իւրաքանչիւր ոք կրնայ ինքնուրոյն նախաձեռնել քննարկում՝ զրոյցի նախատեսուած բաժնին մէջ: Այստեղ կ՚արգիլուին հայհոյանքը, վիրաւորանքը, ծաղրը, անբովանդակ բանավէճերը, չհիմնաւորուած պնդումները եւ կը քաջալերուին քննադատական միտքը, կարծիքի արտայայտումը, մտքերու ազատ փոխանակումը եւ սեփական վերլուծութիւններու ու տեսակէտներու հրապարակումը։
- Հայաստան
- Արցախ
- Սփիւռքի համայնքներ
- Ընկերութիւն
- Քաղաքականութիւն
- Մշակոյթ եւ ինքնութիւն
- Ուսում
- Առողջապահութիւն եւ ժողովրդագրութիւն
- Պատերազմ, հակամարտութիւններ եւ անվտանգութիւն
- Տնտեսութիւն, ելեւմուտք եւ առեւտուր
- Գիտութիւն, ճարտարագիտութիւն եւ նորարարութիւն
Հարցումներու նպատակն է պարզել հասարակական կարծիքը ընթացիկ ամենակարեւոր նիւթերու շուրջ: Իւրաքանչիւր շաբաթ Armagora հարթակին մէջ կը հրապարակուին կարճ հարցումներ, որոնց կրնան մասնակցիլ հարթակի բոլոր այցելուները։
Զրոյցը Armagora հարթակի այն բաժինն է, ուր կը ծաւալին առցանց քննարկումներ։ Արձանագրուած իւրաքանչիւր մասնակից կրնայ միանալ ընթացիկ քննարկումներուն կամ սկսիլ զրոյց՝ առաջադրելով հարց կամ պնդում եւ հրապարակելով նիւթեր քննարկումներու համար: