Մեր մասին
Ով ենք մենք
Armagora-ն ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ զարգացման հիմնադրամի ծրագիրն է։ Հայաստանի եւ Սփիւռքի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղիներ փնտռելու նպատակով ստեղծուած առցանց հարթակ է։ Անուանումը ծագած է Հին Յունաստանի մէջ յայտնի ἀγορά ժողովրդական ժողովէն, որ կը ծառայէր իբր քաղաքացիներու քննարկումներու հաւաքատեղի։
Armagora հարթակին մէջ կը քննարկուին պատմական այս դժուար հանգրուանին աշխարհասփիւռ հայութիւնը յուզող ամենաարդիական հարցերը, ինչպիսիք են՝ անվտանգային ճգնաժամ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններ, կառավարման որակի բարձրացում, պետականութեան պահպանում ու ամրապնդում։ Փորձենք միասնաբար գտնել լուծումներ աւելի կայուն ապագայ կառուցելու համար։ Երկխօսութիւններու ընթացքին ջանանք զիրար լսել ու հասկնալ։
Սոյն հարթակին մէջ կը տեղադրուին բլից հարցեր եւ կը ծաւալին բովանդակային, մասնագիտական հիմք ունեցող քննարկումներ։
Կը հաւատանք, որ միայն կառուցողական երկխօսութեամբ կարելի պիտի ըլլալ միասին գտնել լուծումներ՝ երաշխաւորելով աւելի կայուն ու լուսաւոր ապագայ Հայաստանի եւ հայութեան համար։
Armagora-ն կ՚ողջունէ առողջ քննարկումները եւ չի հանդուրժեր ատելութիւնն ու վիրաւորանքը։
Մեր առաքելութիւնը
Կարեւորելով գիտական հետազօտութիւններու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ հիմնուած քննարկումներն ու որոշումներ կայացնելու մշակոյթը, մենք կը ձգտինք.
- Բարձրացնել համահայկական երկխօսութեան որակը։
- Լոյս սփռել Հայաստանն ու Սփիւռքը միաւորող ճգնաժամերուն եւ մարտահրաւէրներուն վրայ։
- Վեր հանել մարտահրաւէրներու նկատմամբ հանրային տրամադրութիւնները եւ ձեւաւորել հայեցակարգեր այդ խնդիրները լուծելու իբրեւ արդիւնաւէտ միջոց։
- Փնտռել լուծումներ, յարգել զիրար եւ տարակարծիք ըլլալով հանդերձ, ընդունիլ այլ կարծիքի գոյութեան իրաւունքը։
Մեր տեսլականը
Համահայկական կառուցողական երկխօսութիւն, որ կը նպատակադրէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ընդհանուր մարտահրաւէրներու ըմբռնումն ու եւ յաղթահարումը։
Մեր արժէքները
- Թափանցիկութիւն. խրախուսել տարբեր տեսակէտներ եւ ստեղծել այնպիսի միջավայր, ուր բոլոր ձայները լսելի ըլլան եւ յարգուած։
- Յարգանք. խթանել երկխօսութիւն եւ փոխադարձ յարգանք հակադիր կարծիք արտայայտողներուն միջեւ։
- Ազնուութիւն. ըլլալ անկեղծ եւ թափանցիկ քննարկումներու եւ առցանց շփումներու ժամանակ։
- Ներառականութիւն. ապահովել այնպիսի միջավայր, ուր քննարկումներու մասնակիցները իրենք զիրենք գնահատուած զգան եւ իրենց կարծիքները ըլլան ողջունելի։
- Կարեկցանք. զարգացնել փոխըմբռնումը այլ պատկերացումներու եւ տեսակէտներու նկատմամբ։
- Գիտելիքներու փոխանակում. նպաստել գաղափարներու, տեղեկութիւններու ու փորձի փոխանակման՝ խթանելով գիտելիքի տարածումը։
- Քննադատական մտածողութիւն. խրախուսել տեղեկութիւններու նկատմամբ քննադատական վերլուծութիւնն ու փաստարկուած բանավէճը։
- Կառուցողականութիւն. կեդրոնանալ լուծումներ գտնելու, համագործակցութիւնը խթանելու եւ կառուցողական արձագանգներ ապահովելու վրայ։
- Համայնքի ձեւաւորում. ձեւաւորել համերաշխութիւն, խթանել կապեր ու յարաբերութիւններ սոյն հարթակի մասնակիցներուն միջեւ: