Զրոյցներու կանոններ
1. Վիրաւորանքը արգիլուած է
Մասնակիցները պէտք է վարեն յարգալից քննարկումներ՝ խուսափելով վիրաւորանքներէ եւ ապահովելով կառուցողական քննարկումներու միջավայր։
2. Ցեղապաշտական, ծայրայեղական եւ ատելութեան խօսքերը արգիլուած են
Ցեղապաշտական, էթնիկ, կրօնական կամ որեւէ այլ բնոյթի խտրական խօսքը կամ ատելութեան դրսեւորումները խստիւ արգիլուած են։
3. Ծաղրելը արգելուած է
Քննարկումներու որակը պահպանելու համար թոյլատրելի չէ ծաղրելը:
4. Բռնութեան քարոզչութիւն, արդարացում կամ փառաբանում արգելուած է
Արգելուած է որեւէ բովանդակութիւն, որ կը խթանէ, կ՚արդարացնէ կամ կը գովաբանէ բռնութիւնը:
5. Այլ հարթակներու մէջ հրապարակուած ատելութեան խօսքի տարածումը արգելուած է
Արգիլուած է տարածել ատելութիւն պարունակող կամ խրախուսող բովանդակութիւն տարբեր ֆորումներէ, ընկերային ցանցերու հարթակներէ կամ խումբերէ։
6. Կայքի կառավարման մասին քննարկումներ կատարելը քաջալերելի չէ
Կայքի կառավարման քաղաքականութեան կամ վարման մասին հրապարակային քննարկումները արգելուած են: Փափաքողները կրնան կապ հաստատել կայքի ղեկավարներուն հետ՝ առանձին:
7. Քաջալերելի չեն թեմայէն դուրս քննարումները
Թեմաները պէտք է համապատասխանեն ArmAGORA-ի հիմնական ուղղութիւններուն՝ քննարկումները կենդոնացուած եւ բովանդակալից պահելու համար: Թեմաներն են՝ Հայաստան, Սփիւռքի համայնքներ, Արցախ, Ուսում, Քաղաքականութիւն, Մշակոյթ եւ ինքնութիւն, Առողջապահութիւն, Պատերազմ, հակամարտութիւններ եւ անվտանգութիւն, Տնտեսութիւն, ելեւմուտք եւ առեւտուր, Գիտութիւն, ճարտարագիտութիւն եւ նորարարութիւն, Ընկերութիւն:
8. Այլ օրակարգ թոյլատրելի չէ
Արգելուած է այնպիսի բովանդակութիւն, որ յարձակողական ոճով յառաջ կը քաշէ որոշակի օրակարգ՝ նպատակ ունենալով ապահովել հաւասարակշռուած եւ անկողմնակալ քննարկումներ։
9. Յօդուածները, այլ հարթակներէ առնուած գրառումներու վերնագիրները կամ ընկերային մետիայի թոյլատրելի բովանդակութիւնը չի խմբագրուիր
Հրապարակուող նիւթերու վերնագիրները պէտք է մնան անփոփոխ ապատեղեկատուութենէ խուսափելու համար:
10. Բովանդակութիւնը պէտք է ըլլայ արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, անգլերէն կամ ռուսերէն
Հայերէն տառադարձութիւնը թոյլատրելի չէ։
11. Զրոյցներու պնդումները պէտք է ըլլան փաստարկուած
Կը յորդորենք զրոյցի պնդումները հաստատել վստահելի աղբիւրներու յղումներով:
12. Ապակողմնորոշիչ/ոչ ճշգրիտ/անստուգելի/աղբիւր չունեցող պնդումները ենթակայ են հեռացման
Անհրաժեշտ տեղեկութիւններ չյայտնող գրառումները եւ կիսատ փաստերու վրայ հիմնուած պնդումները պիտի ջնջուին:
13. Լրատուական ոչ հաւաստի աղբիւրներու յղումները թոյլատրելի չեն
Տեղեկութիւններու արժանահաւատութիւնը ապահովելու համար թոյլատրելի է միայն լրատուական հաւաստի աղբիւրներու օգտագործումը:
14. Գրառումներու վերնագիրները գլխագիրով չենք գրեր
Գրառումներու վերնագիրները գլխագիրով գրելը թոյլատրելի չէ, քանի որ կրնայ համարուիլ բացագանչութիւն եւ խաթարել սահուն ընթերցանութիւնը:
15. Քուէարկողներուն վիրաւորելը արգելուած է
Գաղափարներու քննադատութիւնը ընդունելի է, սակայն քուէարկողներուն ընդհանրացնելն ու վիրաւորելը արգելուած է՝ յարգալից քննարկումներ պահպանելու նպատակով:
16. Նորութիւններու բովանդակութեան սքրինշաթեր կամ պատկերներ ընդունելի չեն
Հեղինակային իրաւունքը յարգելու համար նորութիւններու, յօդուածներու սքրինշաթերը չեն հրապարակուիր: Անհրաժեշտ է օգտագործել տուեալ նիւթի բնօրինակի յղումը: