Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւն
ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ հիմնադրամը (արձանագրութեան համար՝ 222.160.1219204, ՀՎՀՀ՝ 08213595, հասցէ՝ Հայաստան, 0019, ք․ Երեւան, Մարշալ Բաղրամեան պող., շէնք՝6) («մենք», «մեզ» կամ «մեր») պարտաւոր է կատարել օրէնքով նախատեսուած իր պարտաւորութիւնները եւ պաշտպանել այն մարդոց իրաւունքներն ու ազատութիւնները, որոնց անձնական տուեալները կը հաւաքագրուին մեր կողմէ մեր գործունէութեան ընթացքին։
Մենք ձեր մասին հաւաքագրուած տեղեկատուութիւնը կ՚օգտագործենք.
- Որպէսզի ձեզի տրամադրենք ձեր կողմէն պահանջուած կամ ակնկալուող տեղեկատուութիւնն ու աջակցութիւնը մեր եւ ձեր միջեւ եղած համագործակցութեան մասին։
- Որպէսզի ձեզ ընդգրկենք մեր տեղեկագրի սփռումներուն, եւ տեղեկացնենք մեր յառաջիկայ ձեռնարկներու ու նախագիծերու մասին, որոնք մեր կարծիքով կրնան հետաքրքրել ձեզ։
- Ըստ ձեր ցանկութեան՝ մեր ձեռնարկներուն, քննարկումներուն եւ այլ գործունէութեան ձեր մասնակցութիւնը թոյլատրելու համար։
- Որպէսզի օգտագործենք ձեր անձնական տուեալները, ներառեալ՝ ձեր մասնակցութեամբ լուսանկարները կամ տեսանիւթերը, տարբեր մետիա հարթակներու մէջ, ինչպիսին են՝ ընկերային հարթակները:
- Վիճակագրութիւն եւ այլ բնոյթի հաշուետուութիւններ պատրաստելու եւ կազմելու համար։
- Ձեր հարցումները ուսումնասիրելու եւ անոնց անմիջապէս ընթացք տալու համար։
- Ձեր անձնական տուեալները բացայայտելու կամ զանոնք փոխանցելու համար, եթէ ըստ օրէնքի հարկ զգանք։
Մենք չենք մշակեր ձեր անձնական տուեալները որեւէ նպատակով, որ կը հակասէ վերոշարադրեալին կամ թոյլատրուած օրէնքին։
Ձեր նախընտրութիւններու բացայայտման, անհատականացման եւ Կայքի օգտագործումի բարելաւման նպատակով կ՚օգտագործուին «cookie» ֆայլեր: Եթէ չէք փափաքիր օգտագործել «cookie» ֆայլերը, ուրեմն պէտք է փոխէք ձեր ցանցային դիտարկիչի կարգաւորումները: Կը խնդրենք ուշադրութիւն դարձնել, որ «cookie» ֆայլերու անջատումը կրնայ յանգեցնել Կայք մուտք գործելու անկարելիութեան:
Մենք կ՚իրականացնենք համապատասխան թեքնիքական եւ կազմակերպչական միջոցներ, որպէսզի մեր կողմէն հաւաքագրուող եւ պահուող տեղեկատուութիւնները պաշտպանենք ամէն անօրինական կամ պատահական հասանելիութենէ, անձնական տուեալներու ոչնչացումէ, փոփոխումէ, արգելափակումէ, պատճենելէ, տարածելէ, ինչպէս նաեւ այլ անօրինական գործողութիւններէ։
Թէեւ մենք ջանք չենք խնայեր ձեր անձնական տուեալներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար, կը խնդրենք նկատի ունենալ, որ համացանցով փոխանցուող տեղեկութիւններու անվտանգութիւնը երաշխաւորել կարելի չէ։ Ուստի, համացանցով անձնական տուեալներու որեւէ փոխանցում, ներառեալ Կայքին մէջ այդպիսի տուեալներու մուտքագրման ընթացքը, կը կատարուի ձեր անձնական պատասխանատուութեամբ:
Տուեալներու տիրոջ իրաւունքները
Հանդիսանալով տուեալներու տէր, դուք ունիք որոշակի իրաւունքներ, որոնցմէ կրնաք օգտուիլ, եթէ մենք տիրապետենք կամ մշակենք ձեր անձնական տուեալները: Մասնաւորապէս՝
- Հասանելիութեան իրաւունք – Դուք իրաւունք ունիք խնդրելու մեզմէ տրամադրել ձեզի մեր մօտ պահուող ձեր տեղեկատուութեան օրինակը:
- Ուղղումներ կատարելու իրաւունք – Դուք իրաւունք ունիք ուղղելու մեր քով պահուած ձեր ոչ ստոյգ եւ թերի տուեալները:
- Մոռցուած ըլլալու իրաւունք – Որոշակի հանգամանքներու առկայութեան պարագային, դուք իրաւունք ունիք խնդրելու վերացնել մեր քով պահուած ձեր բոլոր տեղեկութիւնները:
- Մշակումը սահմանափակելու իրաւունք – Որոշակի հանգամանքներու առկայութեան պարագային, դուք իրաւունք ունիք սահմանափակելու ձեր անձնական տուեալներու մշակումը:
- Տեղափոխելու իրաւունք – Դուք իրաւունք ունիք պահանջելու մեր քով պահուած ձեր անձնական տուեալները փոխանցել այլ կազմակերպութիւններու:
- Առարկելու իրաւունք – Դուք իրաւունք ունիք առարկելու ձեր անձնական տուեալներու որոշ եղանակի մշակման դէմ, ինչպէս նաեւ խնդրելու դադրեցնել կամ սահմանափակել ձեր անձնական տուեալներու մշակումը:
Նշուած իրաւունքները իրականացնելու համար, կը խնդրենք կապ հաստատել մեզի հետ՝ «Հաղորդակցային տուեալներ» բաժնին մէջ նշուած հաղորդակցային տուեալներու միջոցով: Ձեր դիմումը մերժելու պարագային, մենք կը տրամադրենք համապատասխան հիմնաւորումներ: Դուք իրաւունք ունիք բողոքներ ներկայացնելու, ինչպէս որ սահմանուած է «Բողոքներ» բաժնին մէջ։
Եթէ կը փափաքիք լրացուցիչ տեղեկութիւն ստանալ ձեր անձնական տուեալներու մշակման վերաբերեալ, կամ կ՚ուզէք շտկել, թարմացնել կամ ջնջել ձեր անձնական տուեալներէն որեւէ մէկը, կրնաք դիմել մեզի info@armagora.am Ե- նամակով:
Անձնական տուեալներու մշակման հիմքը
Մենք կը մշակենք անձնական տուեալները միայն այն ժամանակ, երբ կ՚ունենանք անձնական տուեալները մշակելու օրինական հիմք: Տուեալներու մշակման օրինական հիմքը կախուած կ՚ըլլայ հաւաքագրուած տեղեկատուութեան բնոյթէն եւ մեր կողմէն օգտագործման նպատակներէն, բայց կ՚ըլլայ ներքոյ նշեալներէն մէկը կամ քանի մը հատը.
- Համաձայնութիւն. Դուք տուած էք ձեր համաձայնութիւնը մեզի՝ ձեր անձնական տուեալները որոշակի նպատակով մշակելու համար:
- Պայմանագիր. Մշակումը կը կատարուի ըստ մեզի հետ ձեր կնքած պայմանագրին, կամ երբ դուք մեզմէ կը խնդրէք որոշակի քայլեր ձեռնարկել նախքան պայմանագիր կնքելը:
- Իրաւական պարտաւորութիւն. Մշակումը անհրաժեշտ է, որպէսզի մենք կատարենք մեր իրաւական պարտաւորութիւնները:
- Կենսական շահեր. Մշակումը անհրաժեշտ է մէկու մը կեանքը պաշտպանելու համար:
- Օրինական շահեր. Մշակումը անհրաժեշտ է մեր օրինական շահերու կամ երրորդ անձանց օրինական շահերու պաշտպանութեան համար:
Այս նպատակներու համար մենք կրնանք հաւաքագրել ձեր անձնական տուեալները, ինչպէս` անունը, մականունը, ծննդեան ամսաթիւը, ազգութիւնը, բնակութեան երկիրը, Ե-նամակի հասցէները, կապերը, քրէտիթ քարտի թիւը, տուեալները, որոնք մեքենաբար կը ներկայացուին Կայքի էջերու միջոցով (ներառեալ՝ IP հասցէն, Կայքի այցելութիւններու աղբիւրը եւ որոնումներու կամ գովազդային հարցումներու մասին տեղեկատուութիւնը, օգտագործողի սարքի վերաբերեալ տուեալները, մկնիկի հպումները, Կայքի էջերու տարրերի վրայ սեղմումները, լրացման դաշտերը, էջերու դիտումները, ազդաժապաւէններու մասին տեղեկութիւնները եւ տեսանիւթերու դիտումները, լսարանի տուեալներ, նիստերու յարաչափերը, այցելութեան ժամանակի եւ տեւողութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ, «cookie» ֆայլերուն մէջ զետեղուած նոյնացուցիչները)։
Անձնական տուեալներու պահման ժամկէտը
Մեր կողմէ հաւաքագրուած ձեր անձնական տուեալները մենք կը պահենք մինչեւ այն ժամանակ, երբ անոնք օրէնքի սահմաններուն մէջ տակաւին կ՚օգտագործուին բոլոր իրագործուելիք նպատակներուն համար։ Այլ խօսքով՝ այն նպատակներուն, որոնց համար հաւաքագրուած են։ Ատկէ ետք, մենք կա՛մ կը ջնջենք, կա՛մ անանուն կը դարձնենք ձեր անձնական տուեալները, եւ կամ, եթէ այդ մէկը անկարելի ըլլայ, ապահով կը պահենք ձեր անձնական տուեալները եւ կը բացառենք անոնց յետագայ օգտագործումը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ զանոնք ջնջելը։
Դուք կրնաք ետ քաշել ձեր անձնական տուեալները մշակելու համաձայնութիւնը ե-նամակով՝ օգտագործելով ստորեւ նշուած Հաղորդակցային տուեալները: Երբ մենք ստանանք անձնական տուեալները մշակելու համաձայնութիւնը ետ քաշելու վերաբերեալ ձեր ծանուցումը, մենք կը ջնջենք ձեր անձնական տուեալները շտեմարաններէն՝ տեղակայուած ներքին եւ (կամ) արտաքին ցանցերուն մէջ:
Անվտանգութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը
Մենք պատասխանատուութիւն չենք կրեր անձնական տուեալներու կորուստի կամ բացայայտման համար, եթէ այդպիսի տուեալները.
- յայտնուին հանրային տիրոյթին մէջ՝ նախքան կորսուիլը կամ բացայայտուիլը,
- ինքնուրոյն մշակուած են երրորդ անձանց կողմէ,
- ձեռք բերուած են երրորդ անձանց կողմէ Կայքի ծրարներուն չթոյլատրուած մուտքի միջոցով,
- բացայայտուած են ձեր համաձայնութեամբ:
Դուք պատասխանատու էք ներկայացուած անձնական տուեալներու օրինականութեան, ճշգրտութեան եւ ճշմարտացիութեան համար` համաձայն գործող օրէնսդրութեան:
Հաղորդակցային տուեալները
Հարցերու կամ դիմումներու պարագային, կը խնդրենք կապ հաստատել մեզի հետ հետեւեալ հասցէով․ info@armagora.am:
Բողոքները
Եթէ կը փափաքիք բողոք ներկայացնել ձեր անձնական տուեալներու մշակման կամ ձեր դիմումի ընթացքին վերաբերեալ, դուք իրաւունք ունիք բողոք ներկայացնելու՝ հետեւեալ ե- նամակով. info@armagora.am:
Սոյն Քաղաքականութեան փոփոխութիւնները
Մենք կրնանք ժամանակ առ ժամանակ առանց ձեզի իմաց տալու թարմացնել կամ լրացումներ կատարել սոյն Քաղաքականութեան մէջ՝ նպատակ ունենալով համապատասխանեցնել օրէնքին կամ փոփոխուող ներքին քաղաքականութեան։ Իւրաքանչիւր թարմացում, տուեալ փոփոխութեան ամսաթիւով, կը հրապարակուի Կայքին մէջ։ Ուստի՝ կը խնդրենք երբեմն-երբեմն այցելել սոյն էջը՝ վստահ ըլլալու, որ կը շարունակէք գոհ մնալ Քաղաքականութեան գործող տարբերակէն։
Եզրափակիչ դրոյթները
Այս Քաղաքականութիւնը կը վերաբերի միայն այս Կայքին: Մենք չենք վերահսկեր եւ պատասխանատուութիւն չենք կրեր երրորդ կողմերու կայքերու համար, որոնց դուք կրնաք անցնիլ սոյն Կայքին մէջ առկայ յղումներուն միջոցով:
Վերջին անգամ թարմացուած է 1 Յուլիս, 2024-ին: