Armagora Հարցախոյզ 1. Սփիւռք, անվտանգութիւն եւ կառավարում
Կը հրաւիրենք ձեզ մասնակցելու երկու մասով հարցախոյզի։ Առաջին մասը կը վերաբերի ամենաառանցքային խնդիրներուն, որոնց այսօր կը բախի Հայաստանը՝ անվտանգութիւն, ողջամիտ կառավարում, ինքնիշխանութիւն… եւ այլն։ Երկրորդ մասը նուիրուած է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն։
Փորձած ենք աշխարհի բոլոր հայերուն առիթ տալ արտայայտուելու այսօրուան հրատապ խնդիրներուն մասին։ Ամէն գնով փորձած ենք ներկայացնել հաւասարակշռուած հարցումներ, ինչպէս նաեւ առաջարկել կարծիք յայտնելու անկողմնակալ միջոցներ։
Հարցումներու արդիւնքները շարունակաբար կը հրապարակուին այս կայքին մէջ։ Կրնաք այցելել կայք ու տեսնել զանոնք կամ բաժանորդագրուիլ եւ Ե-նամակով ստանալ մեր հաղորդագրութիւնները։
Բարձր կը գնահատենք ձեր մասնակցութիւնը եւ անկեղծ պատասխանները։ Շնորհակալ ենք ձեր յատկացուցած ժամանակին եւ մասնակցութեան համար։
Նախքան սկսիլը, կը խնդրենք ծանօթանալ հետեւեալ տեղեկութեան.
- Կամաւոր մասնակցութիւն։ Հարցախոյզի ձեր մասնակցութիւնը լիովին կամաւոր է։ Դուք կրնաք դադրեցնել ձեր մասնակցութիւնը որեւէ պահու, առանց որեւէ հետեւանքի։
- Գաղտնիութիւն։ Բոլոր պատասխանողներուն տուեալները կը պահպանուին խիստ գաղտնի։ Հաւաքուած տուեալները կ՚օգտագործուին բացառապէս հետազօտական նպատակներով եւ կը հրապարակուին միայն ընդհանրական ձեւով՝ ապահովելով մասնակիցներուն գաղտնիութիւնը։ Ձեր անձնական տուեալները եւ ձեր պատասխանները կը պահպանուին առանձին՝ երաշխաւորելով հարցումներու անանուն բնոյթն ու ձեր անձնական տուեալներու գաղտնիութիւնը:
- Տուեալներու պաշտպանութիւն։ Մենք հետամուտ ենք տուեալներու պաշտպանութեան խիստ քաղաքականութեան, համոզուած ըլլալով որ ձեր տեղեկութիւնները ապահով են ու անվտանգ։ Բոլոր տուեալները կը պահպանուին տուեալներու շտեմարանը եւ հասանելի կ՚ըլլան միա՛յն բացառապէս լիազօրուած հետազօտողներու համար։
Ընթացք տալով հարցախոյզին, դուք կը հաստատէք, որ կարդացած ու հասկցած էք ներկայացուած տեղեկութիւնը ու համաձայն էք մասնակցելու նշեալ պայմաններուն տակ։ Մանրամասներուն կրնաք ծանօթանալ մեր կայքի «Գաղտնիութեան Քաղաքականութիւն» բաժնին մէջ։
Please sign in