2024

«ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» հիմնադրամը կ՚ազդարարէ նոր նախագիծի մեկնարկը

Աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ ծառացած ծանր խնդիրներու լուծման, մեզ պատուհասած խոր ճգնաժամերու յաղթահարման ուղիներ փնտռելու նպատակով «ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» զարգացման հիմնադրամը գործարկած է Armagora.am առցանց հարթակը՝ ձգտելով խթանել բովանդակային, փաստերու ու վերլուծութիւններու հիման վրայ քննարկումներ, որոնց կրնայ մասնակցիլ իւրաքանչիւր ոք։

Armagora.am-ը պարբերաբար կը հրապարակէ բլից հարցեր առանցքային հարցերուն վերաբերեալ։ Հարթակին արձանագրուած օգտատէրերը եւս կրնան ինքնուրոյնաբար սկսիլ քննարկումներու որեւէ փափաքելի նիւթով։

Այսօր հանրային ու ընկերային հարթակները լի են փոխադարձ մեղադրանքներով ու անհանդուրժողականութեամբ։  Այս պատճառով առողջ քննարկումները գնահատող եւ ծանրակշիռ ըսելիք ունեցող մեր բազում հայրենակիցները կը նախընտրեն լռել. բան մը, որ կը յանգեցնէ ողջամիտ խօսքի զգալի պակասի. խօսքի, որուն կարիքը ունինք յատկապէս այսօր։

Այս իմաստով Armagora- բացի բովանդակային քննարկումներու հարթակ ըլլալէ, ունի նաեւ հանրային բանավէճի որակի բարձրացման, այլ կարծիքի նկատմամբ հանդուրժողականութիւն սերմանելու, քննարկումներու նոր մշակոյթ ձեւաւորելու նպատակ։

www.armagora.am-ի քննարկումներու արդիւնքներու մասին պարբերաբար կը հրապարակուին հանրային ամփոփագիրեր։

Հիմնադրամը կը հաւատայ, որ որեւէ ճգնաժամ յաղթահարելու համար իրարու հետ խօսիլն ու զիրար լսելը այլընտրանք չունի։

Հարթակին կրնաք միանալ հոսկէ:

Հարթակին մասին պատմող ամփոփ տեսանիւթը՝ այստեղ:

«ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» Նախաձեռնութեան մասին 

 «ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» հանրային նախաձեռնութիւն է, որ կը ջանայ խթանել երկխօսութիւն մը, որ կը յանգի փոխըմբռնման եւ Հայաստանի ու հայութեան ապագայ տեսլականի ձեւաւորման։ «ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» նախաձեռնութիւնը կը համակարգուի ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ զարգացման հիմնադրամին կողմէ, որու հիմնադիրներն են Նուպար Աֆէեան, Ռուբէն Վարդանեան, Արթուր Ալավերտեան եւ Ռիչարդ Ազարնեան։ Մայիս 2012-էն «ԱՊԱԳԱՅ ՀԱՅԿԱԿԱՆԸ» նախաձեռնութեան հարիւրէ աւելի երկիրներէ միացած է աւելի քան 110 հազար մարդ։ Միջազգային ու տեղական կազմակերպութիւններու ու փորձագէտներու աջակցութեամբ նախաձեռնութիւնը սահմանած է 15 նպատակներ, որոնք կ՚ամփոփեն մեր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու ամբողջական շրջանակը։

Յօդուածի հեղինակ 2024

Վերջին զրոյցները

Զրոյց չգտնուեցաւ